Քսանները անմահացան Մեծ Հայաստանի երազով ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Քսանները անմահացան Մեծ Հայաստանի երազով ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
shadow
1895-96-ի կոտորածներու թէժ պահուն Սապահ Գիւլեան Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ կը հանդիպի Ահմէտ Ռիզային եւ տոքթ. Նազըմին: Ահմէտ Ռիզան դիմելով անոր կ՛ըսէ.« Պարոն Սապահ Գիւլեան, այս անգամ տասը հազարներով կը կոտորուին... ու՜ր մնաց Հայկական դատը, Մայիս 11-ի ծրագիրը, եւրոպական միջամտութիւնը...: Տոքթ. Նազըմը հոգեկան առանձին ցնծութեամբ կ՛աւելցնէ. «Այս մի քանի օրուան կոտորածներուն թիւը հարիւր հազարէն անցած է երեւի: Ալ հայ պիտի չձգեն»:

Aharon Shekerdemian

» ՓԱ՜ՌՔ ԵՒ ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ

› ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ - ՊԱՅՔԱՐ 329

1895-96-ի կոտորածներու թէժ պահուն Սապահ Գիւլեան Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ կը հանդիպի Ահմէտ Ռիզային եւ տոքթ. Նազըմին: Ահմէտ Ռիզան դիմելով անոր կ՛ըսէ.« Պարոն Սապահ Գիւլեան, այս անգամ տասը հազարներով կը կոտորուին... ու՜ր մնաց Հայկական դատը, Մայիս 11-ի ծրագիրը, եւրոպական միջամտութիւնը...: Տոքթ. Նազըմը հոգեկան առանձին ցնծութեամբ կ՛աւելցնէ. «Այս մի քանի օրուան կոտորածներուն թիւը հարիւր հազարէն անցած է երեւի: Ալ հայ պիտի չձգեն»:

Սապահ Գիւլեան Երիտթուրքերու ղեկավարներուն կը պատասխանէ.« Պրն. Ռիզա Պէյ, գիտցիր, որ տասը հազարներ ունինք կոտորուելու համար, հարիւր հազարներ ալ՝ օսմանեան բռնապետութիւնը փլցնելու, միլիոններ ալ՝ Ազատ, անկախ Հայաստան յառաջ բերելու: Դուք կը մեռնիք անհետանալու համար, մենք կը մեռնինք վերածնուելու, ապրելու նպատակով: Իսկ տոքթ. Նազըմի հրճուանքին ալ կ՛ըսեմ, որ ապագայ ազատ Հայաստանի մէջ մենք ձեզ չենք կոտորեր, այլ քաղաքակիրթ մարդիկ կը դարձնենք.առայժմ դուք ձեր ճանապարհով, մենք՝ մեր: Տակաւինք կը տեսնուինք»:

ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՊԱՀ ԳԻՒԼԵԱՆ «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ»

Ազատութիւնը, որուն համար հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ պայքարեցաւ, խլեց թանկագին զոհեր: Սակայն արիւնը որքան ալ հոսեցաւ եւ լճացաւ մեր շուրջը, այնքան բազմացաւ անձնուրացներու, նահատակներու, յեղափոխականներու լեգէոնը:

Այսօր տարելիցն է հերոսական այն մարտնչումներուն, որ իր մայրական ծոցին մէջ անգամ մը եւս երկնեց մեր ժողովուրդը եւ որոնք անկասկած դարձան ամենանուիրական էջերէն մին մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պատմութեան:

Այսօր տարելիցն է այն բուռ մը քաջերուն, որոնք, պարտականութեան եւ գաղափարի զինուորներ, եկած էին եւ ուխտած՝ իրենց արեւոտ կեանքին ու հերոսական արեան գնով կառուցելու մարմարեայ սիւները մեր հայրենիքին:

Հոն՝ այդ սրբազան Տաճարին հիմերուն վրայ, անգա՜մ մըն ալ յորդառատ հոսեցաւ վարդակարմիր արիւնը ժողովուրդի սիրելագոյն զաւակներուն: Այդ հիմերը, որոնց վրայ շքեղօրէն պիտի բարձրանար, պիտի կառուցուէր շէնքը մեր դարաւոր իտէալին, ողողուեցաւ անոնց թափած արիւնով:

Այսօր տարելիցն է ոչ միայն պարտականութեան ճամբուն վրայ հերոսաբար ինկած այդ պաշտելի հայորդիներուն, այլ մեր բովանդակ ժողովուրդին, որ, իր հերոսական ոգորումներուն մէջ անգթօրէն շղթայուած, դաւաճանուած, անգամ մըն ալ նահատակուեցաւ:

Այսօր տարելիցն է Սուգի մը, որ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ երէկ, ու Փառքի մը, որ կերտուեցաւ անոր նահատակ զաւակներուն քաջարի բազուկներով:

Այսօր հանդիսաւոր օրն է մեր համազգային ուխտագնացութեան, այն օրը՝ նուիրուած Քսան անմահներուն, որոնց ուխտի պիտի երթան մեր այսօրուան ու վաղուան սերունդները բոլոր՝ դալարագեղ ծաղիկներով ու անմահութեան դափնիներով, զարդարելու համար անոնց ծանօթ եւ անծանօթ շիրիմները:

Այսօր հանդիսաւոր օրն է մեր Ազգային պարտականութեան, այն յիշատակելի օրը, յորում պարտինք մեր վիրաւոր սրտերուն մէջ անգամ մը եւս փառաւորել թանկագին յիշատակը Արեւմտահայաստանի մեր հերոսամարտերուն՝ գերագոյն երկիւղով մը եւ պաշտամունքով մը խոնարհելով փառքի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն առջեւ:

Իթթիհատը սեղմած էր քայզերական Գերմանիոյ ձեռքը՝ աւելի քան երբեք անձնատուր դառնալով իր համաթուրանական ցնորքներուն: Եաթաղանի սպառնալիք կախուած էր Արեւմտահայաստանի վրայ եւ կը սպառնար գլխատել զայն՝ ապահովելու համար ծագումով թուրք ժողովուրդնեդու հետ անմիջական շփումը:

Իթթիհատականներ տակաւին իշխանութեան չհասած կը մերժէին ինքնավարութիւն շնորհել Արեւմտահայաստանին: Անոնք նոյնիսկ կը մերժէին 1895-ի Մայիսեան բարեկարգութիւններու գործադրութիւնը:

Խորապէս ըմբռնելով պահի լրջութիւնը, մտահոգ՝ ծանր հաւանականութիւններով յղի ժամանակաշրջանի մօտակայ փոթորիկներու մասին եւ մանաւանդ սարսափահար՝ ահաւոր այն անդունդէն, դէպի ուր երկիրը կ՛առաջնորդէին Իթթիհատի ղեկավարները, Ս.Դ.Հ. կուսակցութիւնը ընտրեց յեղափոխական ուղին:

Ժամանակ չկար երկար խորհելու: Անհրաժեշտ էր ամէն գնով արգիլել այդ արկածախնդրութիւնը: Տրուած էր յեղափոխականի վճիռը: Անհրաժեշտ էր չէզոքացնել ամբողջ ժողովուրդ մը սպանդանոց առաջնորդողները: Սակայն դաւաճանի մը ձեռքը ճակատագրական պահուն սանձեց բազուկը:

Ահեղ դատաստանը տակաւին չպատահած, Քսան անձնուրացները առաջնորդուեցան կառափնարան:

Ահա խոստացուած միութիւնը ... եւ յառաջդիմութիւնը...

Քսանները կամովին գացին դէպի այն աշխարհը եւ զոհեցին իրենց կեանքը ու մնացին ծածկուած անտիրական հողի մը ներքեւ: Այն բիւրաւորներուն նման, որոնք անյայտ շիրիմներու մէջ թաղուեցան…: Անոնք գացին անտրտունջ, կտրիճի նման, հայրենիքի ազատութեան հաւատքովը խանդավառ եւ նահատակուեցան վստահ իրենց առաքելութեան յաղթանակին:

Ո՜չ աղօթքի մրմունջ մը, ո՜չ սուգի հառաչանք մը եւ ո՜չ ալ կաթիլ մը արցունք թափուեցաւ անոնց գերեզմանին վրայ, սակայն ամբողջ ժողովուրդ մը ողբաց կորուստը իր հարազատներուն:

Քսանները ինկան մեր ազգային իտէալին յաջողութեանը սատարելու ճանապարհին վրայ: Անոնք այսօրուան ու վաղուան սերունդները պիտի խանդավառեն՝ ներշնչելով նոր կորով, նոր եռանդ, նոր պայքար յանուն ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի: Եթէ այսօր ստիպուած ենք սգալ, համոզուած ենք ու կը հաւատանք, որ վաղը ամբողջական Հայաստանի մէջ ցնծութեամբ պիտի տօնենք Քսաններու յիշատակը:

Քսանները անմահացան Մեծ Հայաստանի երազով: Անոնք հաւատացին, որ հզօրներն ու մեծերը արդարութիւնը պիտի պաշտպանեն եւ տկարներն ու փոքրերը պիտի խորտակէին ստրկութեան շղթաները ու պիտի ապրէին անդորրի ու խաղաղութեան նոր կեանքը:

Եթէ չիրականացան Քսաններուն բոլոր յոյսերը, գէթ Արարատի ստորոտը ունեցանք փոքրիկ աշխարհ մը, ուր հաւաքուած են եւ պիտի հաւաքուին աշխատող ու կերտող ժողովուրդի մը բեկորները՝ կառուցելու համար ապագայ մը, որուն հիմերը համերաշխութեան ամրակուռ սիւներուն վրայ բարձրացած պիտի ըլլան:

Քսաններուն եւ մեր բոլոր նահատակներուն յարգանքի ու յիշատակի յաւերժացման միակ արժանաւոր կոթողը այն երկիրն է, որ «Մեր հայրենիք» կ’անուանենք եւ որուն շուրջ պիտի համախմբենք մեր բոլոր ջանքերը՝ ապահովելու համար անոր հզօրացումը:

Գաղափարի տաժանագին տառապանքներուն վրայ ինկած մեր սրբազան նահատակնե՜ր, դուք Ձեր արիւնովը անգամ մը եւս հայացուցիք հազարաւոր տարիներու մեր նուիրական հայրենիքը:

Հանգիստ Ձեր ոսկորներուն, անձնազոհ ընկերնե՛ր, հանգիստ Ձեր սուրբ ու նուիրական աճիւններուն:

Փա՜ռք եւ յարգա՜նք հայ ժողովուրդի Քսաններուն:

Փա՜ռք եւ յարգանք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

 

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus